Search
Close this search box.

Թուրք ազգայնականները ձեռնոց նետած են Յունաստանին

«Գորշ գայլեր» անունով ծանօթ թուրք ազգայնականները իրենց Թելեկրամեան ալիքով հրապարակած են քարտէս մը՝ չթաքցնելով յունական շարք մը կղզիներու նկատմամբ իրենց յաւակնութիւնները, անմիջապէս յետոյ ալ յայտարարած, որ իբրեւ թէ «Կրետէն Թուրքիոյ անբաժանելի մասն է»։

Նախապէս ալ «Ազգային շարժում» կուսակցութեան առաջնորդ, Էրտողանի դաշնակից Տեւլեթ Պահչելի այցելած էր «Գորշ գայլեր»-ու գրասենեակը եւ լուսանկարուած՝ այն քարտէսով, ուր Եգէական ծովուն եւ Կրետէ կղզիի մէկ մասը ներկայացուած է որպէս Թուրքիոյ պատկանող տարածք։