Թուրքիոյ մէջ կրկին կը խօսին Մեծամօրի հիւլէակայանի վտանգաւոր բնոյթին մասին: «Իգդիրի լրագրողներու համայնք» կառոյցի ղեկավար Այտըն Տենիզ անդրադարձած է Մեծամօրի հիւլէակայանին, պնդելով որ՝ ան «մեծ սպառնալիք է նախ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի, ապա նաեւ Ռուսաստանի, Վրաստանի, Իրանի եւ Միջին Ասիոյ երկիրներուն համար»:
“Հակառակ այս ամէնուն՝ ինչո՞ւ Հայաստան կը շարունակէ օգտագործել այդ հիւլէակայանը: Շարք մը մասնագէտներու եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ Մեծամօրը ծանօթ է իբրեւ աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր և ապահովութեան տարրերէ զուրկ հիւլէակայանը”,– ըսած է Տենիզ՝ օրինակ բերելով 1988-ի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը:
Ան նշած է, որ այս հարցով Ազերպայճան եւ Թուրքիա պէտք է միասին գործեն, որպէսզի «ճնշում գործադրեն Հայաստանի վրայ»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։