Նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած են։ Յառաջիկայ ընտրութիւններու հանրապետական թեկնածուին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած խօսակցութեան՝ քննարկուած են Արցախի իրաւունքները, կարգավիճակը եւ Արցախահայութեան վերադարձի հարցը։
Ըստ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Թրամփին՝ հայ ժողովուրդին զօրակցութեան հրապարակային յայտարարութեան համար եւ ընդգծած՝ ԱՄՆ-ու համաշխարհային առաջնորդութեան կենսական նշանակութիւնը այս վճռական պահուն։ Արամ Ա. յայտնած է իր մեծ ակնկալութիւնը, որ նոր վարչակազմով Միացեալ Նահանգները լրջօրէն կը զբաղի արցախեան խնդրով, յատկապէս՝ Արցախի հայոց վերադարձի իրաւունքի, անվտանգութեան եւ կարգավիճակի միջազգային երաշխիքներու ապահովման եւ ցեղային զտման յանցանքի պատասխանատւութեան հարցերով։ Արամ Ա. նաեւ յայտնած է նոր վարչակազմին ներքոյ հայկական ամուր ներկայացուցչութեան մը ակնկալիքը եւ բաց երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը Ամերիկայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերուն եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին (ANCA) հետ:
Այս զրոյցը կը յաջորդէ թեկնածու Թրամփի վերջին գրառման, ուր ան կը դատապարտէ Պայտըն-Հարիս վարչակազմը, որ ձախողած է կանխել արցախահայութեան ցեղային զտումը, ուր նաեւ կը յայտարարէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու իր յանձնառութիւնը:
ANCA հետեւողականօրէն ներգրաւուած է երկու թեկնածուներու ալ քարոզարշաւներուն մէջ՝ Արցախը ազգային քաղաքականութեան փուլ բարձրացնելու համար եւ կ՚ողջունէ երկու թեկնածուներու զօրակցութեան յայտարարութիւնները ամերիկահայ ընտրողները յուզող հարցերու նկատմամբ։ ANCA կը մերժէ հաւանութիւն տալ թեկնածուներէն որեւէ մէկուն` նկատի առնելով Թրամփի վարչակազմի ռազմական օգնութիւնը Ազերպայճանին 2020-ի Արցախեան պատերազմին ընդառաջ եւ Հարիս-Պայտընի վարչակազմի ձախողումը՝ առաջքն առնելու կամ հակազդելու անցեալ տարի Ազերպայճանի կողմէ Արցախի շրջափակման եւ ցեղային զտման: ANCA կը յայտարարէ, որ կը շարունակէ շփման մէջ մնալ երկու թեկնածուներուն հետ՝ երաշխաւորելու համար, որ անոնք պիտի կատարեն իրենց յանձնառութիւնները ամերիկահայ համայնքին հանդէպ, Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5-ին կայանալիք ընտրութիւններէն յետոյ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։