ԱՄՆ-ու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ Նոյեմբեր 19-ին ծագումով թուրք բժիշկ Մեհմետ Էօզը առաջադրած է Առողջապահութեան նախարարութեան «Մետիքեյր» եւ «Մետիքէյտ» կեդրոններու ղեկավարի պաշտօնին։ Ան նախապէս ալ Առողջապահութեան եւ ընկերային ծառայութիւններու նախարարի պաշտօնին առաջադրած էր Ռապըրթ Քենետի կրտսերի թեկնածութիւնը, Իսկ Պատկերասփիւռի հաղորդավար մըն ալ՝ Պաշտպանութեան նախարարի թեկնածու։
Հարկ է նշել, թէ Էօզ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի մտերիմներէն է, որ բացայայտ կերպով կը շարունակէ ուրանալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ շրջան մը ծառայած է նաեւ թրքական բանակին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը 2022-ին տեղի ունեցած միջանկեալ ընտրութիւններուն, իր գլխաւորած համախմբումին ջանքերով, կրցած էր Էօզը պարտութեան մատնել եւ անոր Ծերակոյտ մուտքը խափանել։
Էօզ ծնած է Միացեալ Նահանգներ, բայց ունի նաեւ թրքական հպատակութիւն։ Մասնագիտութեամբ վիրաբոյժ Էօզ աւելի ծանօթ է ամերիկացի հանրութեան որպէս հեռատեսիլի «աստղ» մը։ Ան 2000-ական թուականներուն որպէս վիրաբոյժ՝ իր մասնագիտունեան համար յայտագրի մը հրաւիրուելէ ետք, հրապուրուելով հեռատեսիլի աշխարհէն՝ ստեղծած է իր անձնական յայտագիրը՝ «Dr Oz Show»-ն, որ տասնամեակէ մը աւելի բաւական մեծ յաջողութիւն արձանագրած է, նաեւ իրեն ապահոված այսօրուան համբաւը։ Ի դէպ, ան շատերու կողմէ կը նկատուի «խաբեբայ (շարլաթան) բժիշկ մը», որու առաջարկած «նորարար» եւ «հրաշագործ» սննդականոնները լաւագոյն պարագային սնամէջ, աւելի ծանրակշիռ պարագաներու՝ կեանքի համար վտանգաւոր որակուած են բժշկական շրջանակներու կողմէ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։