Search
Close this search box.

Ժամանակի պատմագիրն ու վկան. «Զահրատ։ 100 բանաստեղծութիւն» ժողովածուի շնորհահանդէսը

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ «Խ. Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի համագործակցութեամբ լոյս տեսած է «Զահրատ։ 100 բանաստեղծութիւն» ժողովածուն։

Հոկտեմբեր 10֊ին Երեւանի «Աւետիք Իսահակեան» կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է հատորին շնորհահանդէսը։

Իր բացման խօսքին մէջ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէնուհի Ռուզան Առաքելեան առանձնացուցած է Զահրատի իւրայատուկ տողն ու գիրը պոլսահայ գրականութեան մէջ։

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան նշած է, թէ «Զահրատ մեզի համար նաեւ ժամանակի պատմագիր է ու վկայ։ Եւ այդ իմաստով շատ կարեւոր է, որ հրատարակելով այս գիրքը` կարողանանք այդ ժառանգութիւնը փոխանցել այսօրուան ու վաղուան սերունդներուն»։

Զահրատ բանաստեղծի մասին իր սրտի խօսքը ըսած է գրականագէտ, սոյն ժողովածուն կազմող Սուրէն Դանիէլեան։ Ան շեշտած է, թէ Զահրատ կը գրէր մարդու մասին` տառապող մարդու մասին։ “Կը յիշեմ անոր նշանաւոր մէկ արտայայտութիւնը` թախծոտին կեանք ու խինդ, իսկ մեռնողին` յիշատակի զօրութիւն։ Զահրատ մեր բանաստեղծութեան բերաւ այդ կեանքն ու խինդը”,– նշած է Դանիէլեան` աւելցնելով, թէ ամէնքս ալ Զահրատի ստեղծագործութիւններու տիպարներն ենք` տառապող, մենութիւն ու երկուութիւն ապրող մարդու տեսքով։ Հետեւաբար` Զահրատ կ՚ապրի բոլորիս մէջ։

Իրենց սրտի խօսքը ըսած են նաեւ գիրքը խմբագրող, գրականագէտ Քնարիկ Աբրահամեան, բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան, գրականագէտ Նոնա Դաւթեան։ Շնորհահանդէսին Զահրատի` երգի վերածուած բանաստեղծութիւնները ներկայացուցած է ամերիկահայ երգիչ, թարգմանիչ Պերճ Թիւրապեան։

Բանաստեղծի ստեղծագործութիւններէն ընթերցումներ կատարած են դերասան Արամ Կոստանեան եւ ասմունքող Գայիանէ Սամուէլեան։

Նշենք, թէ գիրքը լոյս տեսած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արեւիկ Գաբրիէլեանի հովանաւորութեամբ, որուն միացած են նաեւ Պերճ եւ Անահիտ Թիւրապեան, Արթօ եւ Զապէլ Խրիմեան, Լենա Օհաննէսեան-Սթրիթըր։