«Ֆիկառօ–Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան–Քրիսթոֆ Պիւիսոն կը շարունակէ X-ի իր հարթակին վրայ անդրադառնալ Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին։ Այս անգամ անոր ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուի Արցախի խորհրդանիշ «Մենք ենք մեր սարերը» յուշակոթողը:
«Ստեփանակերտի մուտքին տեղադրուած “Մենք ենք մեր սարերը” քանդակը տասնամեակներ ամբողջ խորհրդանշած է Արցախը։ Բոլոր Հայերը զայն անուանակոչած են «Տատիկ եւ Պապիկ»: Արդեօք այս հայկական ժառանգութիւնը պիտի վերապրի՞ Ազերիներու սովորական դարձած կործանարար խելագարութեան պայմաններուն տակ»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։