Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոնի հնչեցուցած նոր ահազանգը

Ֆրանսական լրասփիւռներու դաշտին եւ ընկերային ցանցերու մէջ Հայաստանի եւ Արցախի ամէնէն գործուն եւ նուիրեալ «զինուորը»՝ «Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխխմբագրապետ Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն Twitter-ի իր հաշիւին նոր ահազանգ կը հնչեցնէ հետեւեալ քանի մը տողով, որոնք այնքան լաւ կ՚ամփոփեն Հայաստան-Ազերպայճան ճակատին վրայ տիրող ներկայ մթնոլորտը։

«ԱՀԱԶԱՆԳ.- Ազերպայճանական կողմէն հրադադարի ամէնօրեայ խախտումներ + ազերպայճանական մամուլին մէջ յօդուածներ, որոնք կը խօսին յառաջիկայ յարձակման մը մասին + Ազերպայճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու՝ Հայաստանի եւ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) միջեւ Լաչինի միջանցքը փակելու մասին կոչերը։ Ազերպայճանական նոր յարձակման մը նախանշանները կը բազմապատկուին»։