Search
Close this search box.

ԺԸՆԵՒ – Ալէն Սիմոնեան հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին հետ

Հոկտեմբեր 14-ին, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի (ԱԺ) նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Նուման Քուրթուլմուշի հանդիպումը, որու ընթացքին կողմերը քննարկած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման վերաբերող հարցեր:

Սիմոնեան թրքական կողմին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ բանակցութիւններուն վերջին զարգացումները եւ վերահաստատած Հայաստանի պատրաստակամութիւնը խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթին:

Հանդիպման աւարտին, կողմերու միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է շարունակելու շփումները։

Յայտնենք, թէ մինչ այդ Նուման Քուրթուլմուշ ազերպայճանական պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ըսած էր. “44-օրեայ պատերազմէն ետք, տարածաշրջանին մէջ նոր իրողութիւններ ի յայտ եկած են, այդ առումով Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի մէջ իրականացուող լայնածաւալ շինարարական աշխատանքները, Զանգեզուրի միջանցքի բացումը մեծ կարելիութիւններ կը ստեղծեն թրքական աշխարհին եւ թրքախօս երկիրներուն համար”։

 

Հանդիպում նաեւ Միջխորհրդարանական միութեան մէջ Ֆրանսայի պատուիրակութեան ղեկավարին հետ

Հայաստանի ԱԺ-ի նախագահը հանդիպում ունեցած է նաեւ Միջխորհրդարանական միութեան մէջ Ֆրանսայի պատուիրակութեան ղեկավար Զաւիէ Եաքովելլիի հետ: Ջերմ ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումին կողմերը քննարկած են երկու երկիրներու միջխորհրդարանական յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր:

 

Ալէն Սիմոնեանի եւ Սահիպա Գաֆարովայի միջեւ հանդիպումը ջնջուած է

Նշենք, թէ Հայաստանի ԱԺ-ի նախագահին եւ Ազերպայճանի Միլլի մեճլիսի (խորհրդարան) նախագահ Սահիպա Գաֆարովայի միջեւ նախատեսուած հանդիպումը ջնջուած է։

ԱԺ-ի նախագահի մամլոյ քարտուղար Մովսէս Յարութիւնեանի համաձայն՝ ազերպայճանական կողմը վերջին պահուն հրաժարած է նախապէս գոյացած՝ երկկողմ տեսակցութեան վերաբերող համաձայնութենէն։ Ան աւելցուցած է, թէ Ալէն Սիմոնեան այս կապակցութեամբ յաւելեալ տեղեկութիւն կը հաղորդէ Երեւան վերադարձին։