Ժ.-Ք. Պիւիսոն, զոր այլեւս հարկ չենք նկատեր ներկայացնել, X-ի իր հաշիւին կատարած մէկ նոր գրառումով կը հաղորդէ, թէ ֆութպոլի ազերպայճանական Qarabağ FK ակումբը դիմած է ԻՒԷՖԱ-ին Եւրոպայի լիկայի յաջորդ խաղերը Ստեփանակերտի մէջ խաղալու խնդրանքով։ Պիւիսոն կը գրէ. «…Ստեփանակերտի՝ Արցախի նախկին մայրաքաղաքին մէջ, ուրկէ Ազերպայճան վտարեց բոլոր հայ բնակիչները 9 ամիս սովամահ ընելէ, ապա ալ՝ ռմբակոծելէ ետք։ Դիմումին ընդառաջելը անպատւութիւն պիտի ըլլայ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։