«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն Թուրքիոյ՝ Սուրիոյ հիւսիսը գրաւող ուժերուն ցուցաբերած նեցուկին կապակցութեամբ «X» ընկերային ցանցի իր հաշիւին հրապարակած վերջին գրառումներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ.
«Թուրքիա օգնեց Ազերպայճանին՝ Արցախէն Հայերը քշելու համար, ամէն օր կը ռմբակոծէ քրտական գիւղերն ու քաղաքները, նեցուկ կը կանգնի ճիհատականներուն, որոնք Սուրիոյ հիւսիսը գրաւելու վրայ են։ Արդեօք վերջապէս պիտի որոշե՞նք պահ մը մտահոգուիլ անոր վարմունքէն»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։