Յունուար 31-ին, Իջեւան-Ղազախ հատուածին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ պետական սահմանի զատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի 6-րդ հանդիպումը:
Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ կողմերը շարունակած են սահմանազատման հարցերու քննարկումը եւ անդրադարձած կազմակերպչական ու ընթացակարգային շարք մը հարցերու։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։