Search
Close this search box.

Իռլանտա, Նորվեկիա եւ Սպանիա պաշտօնապէս կը ճանչնան Պաղեստինեան պետութիւնը 

 

Իսրայէլ անմիջապէս ետ կանչած է իր դեսպանները

Ինչպէս յաճախ պարագան է երկարատեւ պատերազմներու, հովը երբեմն ի նպաստ, երբեմն ալ դէմ կը փչէ մարտնչող կողմերէն այս կամ այն մէկուն։ 

Ամէն կասկածէ վեր է, որ Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմին մէջ, այս օրերուն հովը դէմ կը փչէ հրէից պետութեան։

Արդարեւ, Պատժական միջազգային ատեանը Մայիս 20-ին ծանր վճիռ մը արձակեց ընդդէմ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ անոր Պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի, զանոնք դատապարտելով ռազմական եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու ամբաստանութեամբ, անոնց անմիջական ձերբակալումը պահանջելով։ Անոնց հետ նոյն վճիռին ենթարկուեցան Համասի երեք առաջնորդներ, նոյն ամբաստանութեամբ։

Եթէ նոյնիսկ շատերու կարծիքով լոկ խորհրդանշական վճիռ մը մնալու դատապարտուած է վերոնշեալը, քանի որ Իսրայէլ անդամ չէ Պատժական միջազգային ատեանի, բայց եւ այնպէս ան նախ նուաստացուցիչ է Իսրայէլի համար, որու ապօրինի, ոճրագործական արարքները միջազգայնօրէն ճանաչում կը գտնեն, ապա նաեւ կրնայ ստեղծել անհամար բարդութիւններ իսրայէլացի նշեալ բարձրաստիճան ղեկավարներուն համար մանաւանդ երբ գործ ունենան Ատեանի անդամ պետութեանց հետ։

Եւ ահա այս զարգացումէն երկու օր ետք, Մայիս 22-ին  Իռլանտա, Նորվեկիա եւ Սպանիա կը յայտարարեն, թէ պաշտօնապէս կը ճանաչնան Պաղեստինը որպէս առանձին պետութիւն, ինչ որ Իսրայէլը մղած է անմիջապէս ետ կանչելու՝ այդ երկիրներուն մէջ իր դեսպանները:

Չորեքշաբթի, Մայիս 22-ին ելոյթ ունենալով՝ Իռլանտայի վարչապետ Սայմըն Հերիս ըսած է. “Այսօր Իռլանտա, Նորվեկիա եւ Սպանիա կը յայտարարեն, որ կը ճանչնան Պաղեստինեան պետութիւնը. մեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի ձեռնարկէ այն ազգային քայլերուն, որոնք անհրաժեշտ են այդ որոշումը ի զօրու դարձնելու համար։ Վստահ եմ, որ յառաջիկայ շաբաթներուն այլ երկրներ եւս պիտի առնեն այս կարեւոր քայլը եւ պիտի միանան մեզի”:

Իռլանտայի կառավարութիւնը համոզուած է, որ Պաղեստինի պետութեան ստեղծումը էական լուծում մը պիտի ըլլայ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան համար:

Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչես ալ խորհրդարանին մէջ յայտարարած է, որ Մայիս 28-ին պաշտօնապէս պիտի ճանչնայ Պաղեստինեան պետութիւնը։

Նորվեկիոյ վարչապետ Եոնաս Կար Սթէօրէն ալ Մայիս 22-ին յայտարարած է, որ իր երկիրը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Պաղեստինը որպէս պետութիւն։

Ան եւս այն կարծիքին է, որ «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը անկարելի է, ցորչափ չկայ ճանաչում”։ Նորվեկիա ալ պաշտօնապէս Մայիս 28-ին պիտի յայտարարէ այդ ճանաչումը։

Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց «X» ընկերային ցանցի իր հաշիւով հրապարակած գրառման մէջ ըսած է, որ ճանաչումը կրնայ խոչընդոտել Կազայի մէջ պահուող իսրայէլցի պատանդները վերադարձնելու ջանքերը եւ աւելի քիչ հաւանական կը դարձնէ հրադադարը՝ «պարգեւատրելով Համասը եւ Իրանի ճիհատականները»:

«Իսրայէլ պիտի չլռէ անոնց դէմ, որոնք կը խաթարեն իր ինքնիշխանութիւնը եւ վտանգի կ՚ենթարկեն անոր ապահովութիւնը»,– աւելցուցած է ան։