Օր ըստ օրէ կը ծաւալին Իսրայէլի՝ Ազերպայճանի կատարած զէնքի մատակարարումները, որոնք 2020 թուականէն ի վեր հասած են իրենց մրցանշային մակարդակին։
Այդ մատակարարումները կը ներառեն անօդաչու սարքեր, հրթիռներ եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր: Քանի մը տարիէ ի վեր Իսրայէլ դարձած է Ազերպայճանի սպառազինութեան գլխաւոր մատակարարը՝ ցուցաբերելով մնայուն յանձնառութիւն, նոյնիսկ Կազայի եւ Լիբանանի մէջ պատերազմի շրջանին:
Միաժամանակ կ՚աշխուժանայ Ազերպայճանի յարձակողական հռետորաբանութիւնը Հայաստանի նկատմամբ, մինչ վերջինս կրնայ դառնալ թիրախ Իրանի դէմ գործողութեան մը պարագային՝ Սուրիոյ մէջ Ասատի վարէչակարգի փլուզմամբ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական համածիրին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։