Search
Close this search box.

ԻՍՐԱՅԷԼ – ԻՐԱՆ – Իսրայէլ հարուածած է իրանեան ռազմական նշանակութեան շարք մը թիրախներ

Ի պատասխան Հոկտեմբեր 1-ին Իրանի՝ հրէական պետութեան վրայ հրթիռներով յարձակման, Իսրայէլ ալ Հոկտեմբեր 25-էն 26-ի գիշերը հարուածած է իրանեան յատուկ նշանակութեան կէտեր։ Ըստ իրանեան FARS լրատու գործակալութեան՝ իսրայէլեան այս հրթիռակոծումը սահմանափակուած է Թեհրանի արեւմուտքը եւ հարաւ-արեւմուտքը գտնուող շարք մը ռազմակայաններու վրայ յարձակումով.  իսկ իրանեան մէկ այլ՝ Tasnim լրատու գործակալութեան համաձայն ալ՝ Իրանի մայրաքաղաքի արեւմուտքը եւ հարաւ-արեւմուտքը տեղակայուած Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրքը, ռազմական կեդրոնները չեն տուժած, մինչ Իսրայէլ պնդած է, որ առնուազն 20 թիրախի վնաս հասցուած է։ Աւելի ուշ, Իրան յայտարարած է որ իսրայէլեան յարձակումը իրանցի երկու զինուորի մահուան պատճառ դարձած է։ 

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ հիմնուելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան վրայ, խոստացած է հակադարձել Իսրայէլի յարձակումին, որմէ զերծ մնալու կոչ ըրած է Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետը։

Լիբանան եւ Սաուտական Արաբիա դատապարտած են իսրայէլեան հրթիռակոծումը։