Մայիս 16-ին, Իտալիոյ Չիվիթավեքիա քաղաքի «Teatro della Fondazione» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած է «Իմ անուշ Հայաստանի» վերնագրուած՝ Եղիշէ Չարենցին նուիրուած երեկոյթը, կազմակերպութեամբ՝ Spazio Libero Blog մշակութային ընկերակցութեան եւ գրող, լրագրող Լեթիցիա Լէոնարտիի։
Ելոյթներով հանդէս եկած են Հայաստանի դեսպան Ծովինար Համբարձումեան, վերոնշեալ թատրոնի տնօրէն Կապրիելա Սառագգօ, յայտնի դերասան, բեմագիր եւ բեմադիր Գառլօ Վերտոնէ, Լեթիցիա Լէոնարտի եւ Spazio Libero Blog մշակութային ընկերակցութեան նախագահ Ֆապրիցիօ Պարպարանելլի։
Բանախօսները անդրադարձած են Եղիշէ Չարենցի կեանքին ու գործունէութեան, Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու նենգափոխման, ինչպէս նաեւ արտասանած են Չարենցի ստեղծագործութիւնները հայերէն եւ իտալերէն լեզուով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։