Իտալիոյ Արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան փոխնախարար Էտմոնտօ Չիրիէլլի
“Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ հրադադարը ամուր դարձած է շնորհիւ երկու երկիրներու պատասխանատու կեցուածքին, սակայն պարզ է, որ այս երկու կողմերէն դուրս՝ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներու որեւէ յանպատրաստից յայտարարութիւն լի է լարումի սաստկացման սպառնալիքով”:
Այս մասին լրագրողներուն ըսած է Իտալիոյ Արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան փոխնախարար Էտմոնտօ Չիրիէլլի, ըստ իտալական Giornalediplomatico.it առցանց թերթին։
“Ազերպայճան հիւրընկալելով Կենսոլորտի փոփոխութեան մասին ՄԱԿ-ի շրջանակային համաձայնագրին (COP29) միացած կողմերու համաժողովի 29-րդ նստաշրջանը, կը ստանձնէ պատասխանատու դիրքորոշում եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէի յայտարարութիւնները ամերիկացի իր պաշտօնակիցին հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին, անշուշտ չեն նպաստեր իրավիճակի հանդարտելուն։ Տեղին եւ օգտակար պիտի ըլլար, որ ֆրանսացի նախարարը չվնասէր շատերու ջանքերուն, որոնք բանիմացօրէն կը յառաջանան դէպի այս տարածաշրջանի վերջնական խաղաղացումը”,– աւելցուցած է իտալացի փոխնախարարը։.
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Այխան Հաճիզատէ պատասխանած է վերոնշեալ յայտարարութիւններուն վերաբերեալ տեղական լրասփիւռներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն։ Ան ողջունած է Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան կեցուածքը, ապա նաեւ ընդգծած է «պետութիւններու ներքին գործերուն չմիջամտելու, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղ գործընթացին պատասխանատու մօտենալու կարեւորութիւնը»։
“Իտալիոյ քաղաքականութիւնն ու մօտեցումը տարածաշրջանին մէջ միշտ եղած են հաւասարակշռուած՝ թէ՛ հակամարտութեան ընթացքին, թէ՛ անկէ ետք։ Իտալիոյ՝ միջազգային իրաւունքի խախտումներ անտեսող քաղաքականութենէ խուսափիլը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ ան մշտապէս գիտակից է իրավիճակին եւ կ՚ապացուցէ Ֆրանսայի նման երկիրներու ապակառուցողական քաղաքականութեան անհիմն ու ապարդիւն բնոյթը։ Մենք կը կարծենք, որ Իտալիյ քաղաքականութիւնը պէտք է օրինակ ծառայէ եւրոպական միւս երկիրներին, յատկապէս՝ Ֆրանսային”,– ըսած է ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։