Search
Close this search box.

ԻՏԱԼԻԱ – Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսութիւն՝ Փուլիայի շրջանին մէջ

Իտա­լիոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան դես­պա­նու­թիւնը ու­րա­խու­թեամբ կը տե­ղեկաց­նէ Փու­լիայի (Puglia) շրջա­նին մէջ պա­տուոյ հիւ­պա­տոսու­թեան բաց­ման մա­սին։ Հիւ­պա­տոսա­կան գրա­սենեակին բա­ցու­մը կա­րեւոր քայլ մըն է՝ ուղղուած Հա­յաս­տա­նի եւ Փու­լիայի տա­րածաշրջա­նին մի­ջեւ պատ­մա­կան բա­րեկա­մական յա­րաբե­րու­թիւննե­րու եւ մշա­կու­թա­յին, տնտե­սական եւ դի­ւանա­գիտա­կան կա­պերու ամ­րապնդման։

Գրա­սենեակը կը գտնուի Պա­ռիի Corso Vittorio Emanuele 30 հաս­ցէին։

Պա­տուոյ հիւ­պա­տոս Տա­րիօ Ռու­բէն Թի­մու­րեան պի­տի ըլ­լայ Փու­լիայի մէջ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցինե­րու պաշտպա­նու­թեան և գի­տական, մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան, տնտե­սական եւ առեւտրա­յին հա­մագոր­ծակցու­թեան խթան­ման ու ամ­րապնդման ուղղուած նա­խաձեռ­նութիւննե­րու կապի ան­ձը։

Թի­մու­րեան, ծնած է 1974-ին, աւար­տած է Պա­ռիի հա­մալ­սա­րանի իրա­ւաբա­նական ճիւ­ղը. շի­նարա­րու­թեան եւ կա­հոյ­քի ոլոր­տի ձեռ­նարկա­տէր է։ Անոր ըն­տա­նիքը ժա­մանած է Պա­ռի 1915-ի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն յետոյ։