Search
Close this search box.

ԻՏԱԼԻԱ – Հայաստան մասնակցած է գինեգործութեան միջազգային կազմակերպութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն

Ապ­րիլ 11-13, Իտա­լիոյ Ֆրան­չիագոր­թա շրջա­նին մէջ Գի­նեգոր­ծութեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութեան 100-ամեակին նուիրուած նա­խարա­րական հան­դի­պու­մին մաս­նակցած է Հա­յաս­տա­նի խա­ղողա­գոր­ծութեան եւ գի­նեգոր­ծութեան հիմ­նադրա­մի տնօ­րէն Զա­րու­հի Մու­րա­դեան։ 

Իտա­լիոյ Գիւ­ղատնտե­սու­թեան, պա­րէնա­յին ինքնիշ­խա­նու­թեան եւ ան­տա­ռային տնտե­սու­թեան նա­խարա­րու­թեան հա­մագոր­ծակցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­պու­մին մաս­նակցած են կազ­մա­կեր­պութեան ան­դամ 30 եր­կիրնե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ։

Տի­կին Մու­րա­դեան իր ելոյ­թին ներ­կա­յացու­ցած է Հա­յաս­տա­նի մէջ գի­նեգոր­ծութեան շատ հին ժա­մանակ­ներ եր­կա­րող պատ­մութիւ­նը, ար­դի շրջա­նին այդ բնա­գաւա­ռի աշ­խուժ զար­գա­ցու­մը, վեր­ջին տա­րինե­րուն գի­նեգոր­ծութեամբ զբա­ղող ըն­կե­րու­թիւննե­րու ան­նա­խադէպ աճը, մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յի մէջ հայ­կա­կան գի­նիի նկատ­մամբ մեծ հե­տաքրքրու­թիւնը։

Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յացու­ցի­չը՝ Կազ­մա­կեր­պութեան ան­դամ այլ եր­կիրնե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն հետ այ­ցե­լած է Ֆրան­չիագոր­թա­յի շրջա­նի գի­նեգոր­ծա­կան ըն­կե­րու­թիւննե­րու (Berlucchi, Ca’ del Bosco, Bellavista) կեդ­րոններ եւ ծա­նօթա­ցած անոնց ստեղծման պատ­մութեան, իտա­լական գի­նեգոր­ծութեան աւան­դութիւննե­րուն, ար­հեստա­գիտու­թեանց եւ նո­րարա­րու­թիւննե­րուն։

Նշենք, թէ Ապ­րիլ 14-17, Իտա­լիոյ Վե­րոնա քա­ղաքին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող Vinitaly գի­նիի փա­ռատօ­նին կը ներ­կա­յացուին հայ­կա­կան եօթը ըն­կե­րու­թիւննե­րու ար­տադրու­թիւններ։

Փա­ռատօ­նի նա­խօրեակին Զա­րու­հի Մու­րա­դեան մաս­նակցած է տա­ղաւար­նե­րու ներ­կա­յաց­ման արա­րողու­թեան։ Ան նոյն օրը ներ­կայ գտնուած է Վե­րոնա­յի Opera Wine փա­ռատօ­նի բաց­ման արա­րողու­թեան, ուր ներ­կա­յացուած են իտա­լական լա­ւագոյն գի­նիները։ ■