Հռոմի Սուրբ Թովմաս Աքուինացի (Անճելիքում) Քահանայական համալսարանին մէջ, Նոյեմբեր 18-19-ին տեղի ունեցաւ «Սրբազան հողեր, ընդհանուր տեսլական. սրբատեղիներու պահպանումը՝ համատեղ քրիստոնէական առաքելութեան համար» խորագրով գիտաժողով: Սուրբ Աթոռի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցչութեան եւ Անճելիքում համալսարանի Միջկրօնական հետազօտութիւններու հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած միջոցառումը հովանաւորուած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան եւ Ս․ Աթոռի Քրիստոնէական միասնութեան խթանման, Մշակոյթի եւ Կրթութեան բաժիններուն կողմէ: Գիտաժողովին նիւթապէս աջակցած է Կիւլպէնկեան հիմնադրամը (Լիզպոն, Փորթուկալ)։
Համագումարի բացման արարաողութիւնը սկսաւ Միջկրօնական հետազօտութիւններու հիմնարկի տնօրէն Հայր Հեասինթ Թեսթիվելիի, Վատիկանի մէջ Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանի եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի ողջոյնի խօսքերով։ Անոնց ելոյթները ճանապարհ հարթեցին Արցախի մշակութային ժառանգութեան եւ անոր արժէքին շուրջ կարեւոր երկխօսութեան՝ աւելի լայն քրիստոնէական պատումի ու մշակութային համընդհանուր իրաւունքներու շրջածիրին մէջ։
Գիտաժողովի առաջին նիստը կը ներառէր ներածական ելոյթներ մշակութային ժառանգութեան, սրբավայրերու եւ մարդկային իրաւանց վերաբերեալ: Նշանակալից զեկուցումներով հանդէս եկան փորձագէտներ՝ Ճորճթաունի համալսարանէն փրոֆ. Մարք Վլասիչ, Լուվենի համալսարանէն փրոֆ.՝ Փիեռ տ’Արժան եւ Արցախի Թեմական խորհուրդի անդամ Արմինէ Ալեքսանեան։ Անոնք անդրադարձան մշակութային ժառանգութեան եւ մարդկային իրաւանց փոխկապակցութեան՝ ընդգծելով հակամարտութիւններու գօտիներուն մէջ սրբավայրերը պաշտպանելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը, որպէս մարդկային հիմնական իրաւունք:
Քննարկումներու ընթացքին մասնակիցները ընդգծեցին, որ այս սրբավայրերու պահպանումը ոչ միայն կենսական նշանակութիւն ունի հայկական ժառանգութեան համար, այլեւ վճռորոշ է խաղաղ եւ միասնական համակեցութեան թէ՛ աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն, թէ՛ ողջ մարդկութեան։
Գիտաժողովի երկրորդ նիստը խորապէս ուսումնասիրեց հակամարտութիւններու, մշակութային ժառանգութեան եւ տեղեկատուական լուսաբանման միջեւ առկայ բարդ յարաբերութիւնները։ Ի մասնաւորի, ներկայացուեցաւ թէ ինչպէս տեղեկատուական լուսաբանումը կը ձեւափոխէ մշակոյթի ոչնչացման եւ դիմակայելու ունակութեան ընկալումները: Քիետիի համալսարանի փրոֆ. Վասգօ Լա Սալվիա համոզիչ կերպով փաստարկեց, որ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը հակամարտութեան երկրորդ հետեւանքն է։ Ան ընդգծեց, որ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին մշակութային վայրերու թիրախաւորումը յաճախ կը ծառայէ որպէս բնաջնջման միջոց՝ արտացոլելով խտրականութեան կիրարկումը ուղղուած վտանգի ենթարկուած համայնքներու ինքնութեան ճնշման եւ ոտնահարման։ Այս ոչնչացումը ոչ միայն կը յանգեցնէ արուեստի նմուշներու կորուստին, այլեւ խոր խզում կը յառաջացնէ հաւաքական յիշողութեան եւ ազգային պատմութեան մէջ:
Շարունակելով թեման, Ռապտանի ակադեմիայէն փրոֆ. Արսէն Սապարով անդրադարձաւ լրասփիւռներու դերին, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ընթացքին տեղեկատուական լռութեան եւ կողմնակալութեան։ Ան ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց ենթադրեալ չէզոքութեան հայեցակարգին՝ լրասփիւռներու պատումի եւ փորձագիտական լուսաբանումներուն վրայ՝ վիճարկելով թէ՛ անոնց, թէ՛ փորձագէտներու չէզոքութեան՝ ներկայիս առկայ հակամարտութիւններուն: Փոխարէնը, պնդեց, որ զանգուածային լրատու միջոցներու պատումը եւ փորձագէտներու դիրքորոշումները յաճախ հակուած են աջակցելու իշխանութիւններուն եւ լռեցնելու լուսանցքային ձայները՝ այդպէսով նպաստելով առաւել խտրականութեան եւ հասարակական ցնցումներուն:
Երրորդ նիստի ընթացքին արքեպիսկոպոս Միքայէլ Մուսա Նաճիպ ներկայացուց մշակութային ժառանգութեան պահպանման միջկրօնական բնոյթը՝ նշելով որ սրբավայրերու պաշտպանութեան ջանքերը պէտք է յաղթահարեն կրօնական բաժանումները: Անոր յաջորդեց Օքսֆորտի համալսարանի փրոֆ. Փիթըր Փեթքոֆ․ ան անդրադարձաւ այն քաղաքական գործօններուն, որոնք կը յանգեցնեն կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան շահարկման՝ մատնանշելով, թէ ինչպէս աշխարհաքաղաքական օրակարգը կ՚օգտագործէ մշակութային խորհրդանիշերը ուժի կեդրոնացման համար։
Վերջապէս, դոկտ. Տասուլա Հաճիտոֆ ներկայացուց Արցախի առնչուող ռազմավարական հայեցակարգ՝ հիմնուած Կիպրոսի հակամարտութեան 50 տարուան փորձառութեան եւ այս ոլորտին մէջ իր շարունակական գործունէութեան վրայ։ Մշակութային ժառանգութեան պահպանման գծով ան ընդգծեց «ներազդող» ռազմավարութիւնը, որ կը ներգրաւէ տեղական համայնքները՝ խթանելով դժուարութիւնները դիմագրաւելու անոնց տոկունութիւնը։
Գիտաժողովի չորրորդ նիստը, որ նուիրուած էր վտանգի ենթարկուած հայկական յուշարձաններուն, համախմբած էր անուանի գիտնականներ՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան բացառիկ արժէքը քննարկելու, որպէս մարդկային ստեղծագործական միտքի արտայայտութիւն եւ զայն պահպանելու հրատապ խնդիրները։
Հեղնար Վաթենփօ, Տեւիս քաղաքի Գալիֆորնիոյ համալսարանէն, նիստը բացաւ իր «Նախիջեւանի հայկական մշակութային ժառանգութեան ճակատագիրը. մռայլ նախազգուշացում Արցախի համար» խորագրեալ զեկոյցով։ Ան անդրադարձաւ Նախիջեւանի մէջ մշակութային ոչնչացման աղէտալի հետեւանքներուն, որոնք մտահոգիչ նախադէպ հանդիսացան Արցախի յուշարձաններու ոչնչացման համար։
Ժասմին Տում-Թրակութ՝ Սալցպուրկի համալսարանէն, հանդէս եկաւ «Մշակութային ժառանգութիւնը սահմանային գօտիներու մէջ» զեկոյցով եւ օրինակներ բերաւ Տաւուշի տարածաշրջանէն։ Ան ընդգծեց, որ քաղաքականապէս անկայուն սահմանային գօտիներու մէջ գտնուող մշակութային նմուշները յաճախ ինքնութեան եւ մշակութային յիշողութեան համար ռազմի դաշտ կը դառնան։
Ալեն Նաւարա տէ Պորժիա նիստը եզրափակեց «Կրօնական վայրերը եւ Արցախի ընդհանուր մշակութային յիշողութիւնը» զեկոյցով։ Ան ներկայացուց կրօնական յուշարձաններու դերը որպէս մշակութային եւ հոգեւոր ինքնութեան կարեւոր պահոցներ, յատկապէս հակամարտութենէն տուժած եւ փոփոխական ուժային կառոյցներու ազդեցութեան ներքոյ գտնուող տարածքներու մէջ։ Ան նաեւ շեշտեց այս անգին գանձերը պահպանելու՝ համաշխարհային հանրութեան հաւաքական պատասխանատուութիւնը։
Նիստը բազմակողմանի պատկերացում տուաւ հայկական վտանգուած մշակութային ժառանգութեան պահպանման մարտահրաւէրներուն եւ հնարաւորութիւններուն մասին՝ կոչ ընելով անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու այդ յուշարձանները որպէս մարդկային ստեղծագործական տաղանդի եւ հաւաքական յիշողութեան արտայայտութիւն պաշտպանելու համար։
Հինգերորդ եւ վերջին նիստը կեդրոնացաւ Արցախի մշակութային եւ կրօնական վտանգուած ժառանգութեան վրայ: Շարք մը մասնագէտներ ներկայացուցին իրենց դիտարկումները․ Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանի եւ Քահանայապետական Արեւելեան հիմնարկի փրոֆ. Մարքօ Պայիս քննարկեց «Կովկասեան Ալպանիոյ վերաբերեալ դասական եւ միջնադարեան աղբիւրներու օգտագործումն ու անոնց չարաշահումը» նիւթը։ Ան բացայայտեց, թէ ինչպէս կը խեղաթիւրուին պատմական փաստերը՝ սեփական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ հայերու իրաւունքները եւ նկրտումները վտանգի ենթարկելու եւ տկարացնելու նպատակով։
Համպուրկի համալսարանի փրոֆ. Եոսն Կիփերթ անդրադարձաւ Արցախի մէջ աղուանական արձանագրութիւններուն, այսպէսով հարստացուց քննարկումը պատմական օրինաւորութեան վերաբերեալ եւ հիմք ստեղծեց հայկական ժառանգութեան, աւելի լայն համածիրի մէջ՝ արձանագրութիւններու վերագնահատման։
Իէնայի համալսարանի փրոֆ. Անեկրեթ Փլոնթկէ-Լիւնինկ եզրափակեց ելոյթները՝ ներկայացնելով «Արցախի ճարտարապետական ժառանգութիւնը» պատմական տեսանկիւնէն՝ ընդգծելով անոր հարստութիւնը եւ զայն պահպանելու անյապաղ անհրաժեշտութիւնը։
Վերջին ելոյթով հանդէս եկաւ Երեւանի պետական համալսարանի փրոֆ. Համլետ Պետրոսեան․ ան ներկայացուց «Յուշարձանները հայ-ազերպայճանական հակամարտութեան գօտիին մէջ» նիւթը՝ քննարկելով ինքնութեան, պաշտպանութեան եւ այդ պատմական գանձերու պահպանման համար մասնագիտական փորձառութեան կարեւորութիւնը։
Համաժողովի աւարտին կազմակերպուեցաւ քննարկումներու կլոր-սեղան ծանօթ գիտնականներ՝ Զառա Պօղոսեանի (Ֆլորանսայի համալսարան) եւ Մարքօ Պայիսի կողմէ։
Քննարկումները, որոնք կ՚առնչուէին Արցախի մշակութային եւ ճարտարապետական ժառանգութեան, երեւան հանեցին ինքնութեան, ժառանգութեան պահպանման եւ շարունակուող հայ-ազերպայճանական հակամարտութեան հարցերու բարդութիւնը։
Բանախօսները համոզիչ կերպով լուսաբանեցին Արցախի հարուստ մշակութային խճանկարը, միաժամանակ ահազանգելով այն վտանգներուն մասին, որոնք շարունակուող հակամարտութեան հետեւանքով կը սպառնան այս ժառանգութեան։
Համաժողովի աւարտին մասնակիցները նոր յոյս արտայայտեցին եւ յանձնառութիւն յայտնեցին՝ համատեղ ջանքեր գործադրելու, որոնք անհրաժեշտ են Արցախի սրբավայրերու պաշտպանութեան համար։ Քննարկումները խթանեցին մասնակիցներուն մէջ համագործակցային ոգի՝ ծառայելով որպէս խիստ յիշեցում, թէ որքան փխրուն է մշակութային ժառանգութիւնը հակամարտութեան պայմաններուն մէջ։
Կազմակերպիչ յանձնաժողովը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ բանախօսներուն, որոնք իրենց արժէքաւոր գաղափարներով հարստացուցին գիտաժողովը՝ ձեւաւորելով մեր սրբավայրերու պահպանման համար միաւորուած ընդհանուր տեսլական։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։