Հոկտեմբեր 1-ին, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեամբ եւ «Երեւանի Քոչար» մշակութային հիմնադրամի ու Հռոմի «Assoarmeni» ընկերակցութեան համագործակցութեամբ, մայրաքաղաքի Saint Louis ֆրանսական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է մեծարանքի երեկոյթ՝ նուիրուած նկարիչ եւ քանդակագործ Երուանդ Քոչարի ծննդեան 125-ամեակին:
Ցուցադրուած են «Երուանդ Քոչարի տարածական նկարչութիւնը» խորագրեալ վաւերագրական ժապաւէնը եւ արուեստագէտի որդի՝ Ռուբէն Քոչարի բեմադրութեամբ նկարահանուած «Cagliostro» ֆիլմը:
Ձեռնարկին ներկայ եղած են հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, Հռոմի բնակիչներ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են «Assoarmeni »-ի նախագահ Անուշ Թորունեան եւ դեսպանութեան խորհրդական Մարիետա Ստեփանեան:
Ֆիլմերը ներկայացուցած է արուեստի քննադատ, պատմաբան փրոֆ. Ֆրանչեսքօ Կալլօ Մացցէօ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։