Օրագեանի գլուխ-գործոցը՝ «Եղեռն»-ը
Հոկտեմբեր 27-ին, Իտալիոյ Առտէա քաղաքի Մանձու թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է նկարիչ Ժիրայր Օրագեանի մահուան 60-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ մը: Ներկայ եղած են Առտէայի քաղաքային խորհուրդի ներկայացուցիչը, թանգարանի տնօրէնը, նկարիչին որդին yv երկու թոռները (կը բնակին Առտէա քաղաքը), հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Ներկայացուած են Հռոմի մէջ ապրած ու ստեղծագործածած նկարիչին կեանքը, գործունէութիւնը, սերունդներուն ձգած անոր անգնահատելի ժառանգութիւնը:
Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Մարիետա Ստեփանեան ելոյթ ունենալով մասնաւորապէս նշած է.
“Գերազանց հայ, գերազանց իտալացի եւ գերազանց ֆրանսացի Ժիրայր Օրագեան Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն հեռացած է աւերուած հայրենիքէն։ Պատահական չէ, որ անոր գլուխ-գործոցը «Եղեռն» ստեղծագործութիւնն է։ Ուշագրաւ է, թէ հայ ժողովուրդը ինչպէս պահպանած է ցեղասպանութեան յիշողութիւնը՝ սերունդէ-սերունդ աշխարհին պատմելով տարբեր դրսեւորումներու ընդմէջէն, թէ ինչպէս ամբողջ ժողովուրդի մը ճակատագիրը կաթուածահար եղած է ատելութենէ, թէ ինչպէս ժողովուրդ մը կոտորուած եւ օտարուած է, եւ թէ ինչպէս ան սփռուած է աշխարհով մէկ, ստեղծելով համայնքներ՝ անոնց մէջ Իտալիոյ տարածքին։ Ցաւօք սրտի, այսօր ալ աշխարհի տարբեր անկիւնները, եւ յատկապէս մեր տարածաշրջանին մէջ, մենք ականատես ենք նման ցեղասպան գործողութիւններու”։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։