Search
Close this search box.

ԻՏԱԼԻԱ – Շողակաթ Վարդանեանի «1489» ժապաւէնը շահած է Հռոմի միջազգային փառատօնի մրցանակը

 

Արցախի պատերազմի մասին պատմող Շողակաթ Վարդանեանի «1489» ժապաւէնը շահած է Հռոմի վաւերագրական ֆիլմերու միջազգային փառատօնի մրցանակը։

Այս կապակցութեամբ Վարդանեան Դիմագիրքի իր էջին գրառման մէջ կը նշէ. «Այս մրցանակը յատկապէս պատուաբեր է, քանի որ դատակազմին նախագահը Սերգեյ Լոզնիցան է»։

Նշենք, թէ 2023-ին նոյն ժապաւէնը արժանացած էր Ամսթերտամի վաւերագրական ֆիլմերու փառատօնին (IDFA) գլխաւոր մրցանակին։

Յամենայն դէպս, Հայաստանի Շարժանկարի ազգային ակադեմիան սոյն ժապաւէնը չներկայացուց «Օսքար»-ի մրցանակի թեկնածութեան։

«1489»-ը կը պատմէ Վարդանեաններու ընտանեկան մթնոլորտը, անոնց յոյզերը, ապրումները, տառապանքը, սպասումները՝ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, երբ անոնք կը կորսնցնեն պատերազմի եօթներորդ օրը անհետացած 21-ամեայ Սողոմոնի՝ Շողակաթի եղբօր հետ կապը…։