ԻՏԱԼԻԱ. Փիոմպինոյի փառատօնին կը ներկայացուի Չարենցի առաջին իտալերէն կենսագրականը

Յառաջիկայ Յուլիս 28-ին, Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125-ամեակին առիթով, Իտալիոյ Թոսքանի շրջանի Փիոմպինօ քաղաքին մէջ կը ներկայացուի բանաստեղծին առաջին իտալերէն կենսագրականը, իսկ անոր ի պատիւ Հայաստանի սիրահար նկարիչ Մաուրիցիօ Գառուզոյի ստեղծագործած կտաւը կը ցուցադրուի Փիոմպինոյի արուեստի 6-րդ փառատօնին, Յուլիս 19-էն 30։

Գրող, լրագրող Լեթիցիա Լէոնարտիի հատորը հրատարակուած է Lettere պատմական եւ հեղինակաւոր հրատարակչութեան կողմէ, իսկ նախաբանը ստորագրած է դերասան, բեմադիր Գառլօ Վերտօնէ։ 

«Եղիշէ Չարենց. բանաստեղծի մը ալեկոծ կեանքը» խորագրեալ գիրքը կը ներկայացնէ մարդն ու բանաստեղծը՝ նամակներու, յիշողութիւններու, վկայութիւններու եւ հետաքրքական դրուագներու ընդմէջէն, որոնք կ՚ընդգծեն Չարենցի փխրուն, բայց նաեւ խիզախ ու անհանգիստ կեանքին գորշ հատուածները։

«Ուկօ Ֆոսքոլոյի բանաստեղծական արուեստին եւ Էտկար Ալէն Փոյի ողբերգական գոյութեան հետ ընդհանուր տարրեր ունեցող բանաստեղծ մը», Չարենցը այսպէս կը բնութագրէ կենսագրականին հեղինակը, իր հատորի էջերուն մէջ։

Խմբագրական