Յունիս 18-ին, քանդակագործ Վիգէն Աւետիսին շնորհուած է «Գաւրիլիա քաղաքի բանալին» մրցանակը։ Լուրը հաղորդած է Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։
Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է դեսպանութեան խորհրդական Քրիստինա Մեհրաբեկեան։ Ան մեծարելով քանդակագործը մասնաւորապէս նշած է, որ ժողովուրդներու եւ տարբեր մշակոյթներու միջեւ կամուրջներու ստեղծման՝ սեփական տաղանդն ու մասնագիտական գիտելիքները ի սպաս դնելը իւրայատուկ առաքելութիւն է, որ իր հետքը կը ձգէ պատմութեան մէջ։
Մեհրաբեկեան երախտագիտութիւն յայտնած է Գավրիլիայի ղեկավարութեան այդ պատուոյ պարգեւը Հայաստանի ներկայացուցչին շնորհելուն համար, որ նաեւ խորհրդանշական է, նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Իտալիոյ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30֊ամեակը։
Դեսպանին խորհրդականը իր այցելութեան ընթացքին Գաւրիլիայի քաղաքային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած է նաեւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները։
Նշենք, որ Գաւրիլիան Թոսքանայի մէջ, շուրջ 10.000 բնակիչով քաղաք մըն է, ոչ շատ հեռու՝ շրջանի մայրաքաղաք Ֆլորանսէն, ուր 1998-էն ի վեր կը բնակի ու կը ստեղծագործէ Վիգէն Աւետիս։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։