Search
Close this search box.

Իտալիոյ նախկին վարչապետ Ռոմանօ Փրոտիին շնորհուած է Երեւանի Պետական համալսարանի պատուոյ դոկտորի կոչում

 

Սեպտեմբեր 12-ին, Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) գիտական խորհուրդի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Իտալիոյ նախկին վարչապետ, Եւրոպական յանձնաժողովի նախկին նախագահ Ռոմանօ Փրոտիին՝ ԵՊՀ պատուոյ դոկտորի կոչում շնորհելու արարողութիւնը, որուն յաջորդած է «Բարդ աշխարհակարգ» նիւթին շուրջ դասախօսութիւնը:

ԵՊՀ-ի տնօրէն Յովհաննէս Յովհաննիսեան շեշտած, որ Փրոտի եւրոպական եւ ամերիկեան շարք մը համալսարաններու պատուոյ դոկտոր է, եւ ԵՊՀ-ի կողմէ այդ կոչումին շնորհումը նոյնպէս հիմնուած է վերջինիս ծաւալած գիտամանկավարժական ու հասարակական-քաղաքական աշխուժ գործունէութեան, տարբեր բնագաւառներու մէջ ունեցած նշանակալից աւանդին, արձանագրած յաջողութիւններուն եւ մեծ վաստակին վրայ:

Իտալիոյ նախկին վարչապետը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է շնորհուած կոչումին համար եւ շեշտած, որ ան հիմք պիտի ծառայէ գիտակրթական եւ այլ ուղղութիւններով հետագայ համագործակցութիւններու համար: 

Այնուհետեւ յարգելի փրոֆէսէօրը դասախօսած է «Բարդ աշխարհակարգ» բնաբանով նիւթին շուրջ, ներկայացնելով իր պատկերացումները նոր աշխարհակարգի, այնտեղ ընթացող պարբերական փոփոխութիւններու, դրական ու բացասական երեւոյթներու, պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու, աշխարհի մէջ ուժերու յարաբերականութեան ու այդ պատճառով ստեղծուած կապերու վերաբերեալ:

Ձեռնարկին ներկայ եղած են համալսարանի դասախօսական կազմի ներկայացուցիչներ եւ ուսանողներ։