Search
Close this search box.

Իրան՝ Ազերպայճանին.– «Հայ-իրանական սահմանը կը համարենք հաղորդակցութեան պատմական ուղի, որ պէտք է անփոփոխ մնայ» 

 

IRNA գործակալութեան համաձայն՝ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար  Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեան ազերպայճանցի իր պաշտօնակից Ճեյհուն Պայրամովի հետ հեռաձայնային զրոյցին շեշտած է, որ Թեհրան հայ-իրանական սահմանը կը համարէ պատմական հաղորդակցութեան ճանապարհ, որ պէտք է անփոփոխ մնայ։ 

Լուրջ մտահոգութիւն յայտնելով Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ նոր բախումներու կապակցութեամբ՝ Իրանի նախարարը յայտնած է Թեհրանի պատրաստակամութիւնը՝ օգնելու հարցը խաղաղ եւ քաղաքական ճանապարհով լուծելու համար։ Ան աւելցուցած է, թէ իր երկիրը միշտ ալ ընդգծած է երկիրներու, այս պարագային՝ Ազերպայճանին եւ Հայաստանին, հողային ամբողջականութեան պահպանման կարեւորութիւնը։