ԻՐԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Աւետիք Իսահակեանի արձակ ստեղծագործութիւններու ընտրանին՝ պարսկերէնով

Իրանահայ գրող, թարգմանիչ Գարուն Սարգսեանի աշխատասիրութեամբ պարսկերէն լեզուով լոյս տեսած է «Վարպետ» գիրքը, որու մէջ ընդգրկուած են Աւետիք Իսահակեանի արձակ ստեղծագործութիւններու ընտրանին՝ արձակ բանաստեղծութիւնները, առակները, հեքիաթներն ու պատմուածքները։

Գիրքը լոյս ընծայած է «Նայիրի» հրատարակչութիւնը, 315 էջերով՝ Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 145-ամեակին առիթով:

Խմբագրական