Search
Close this search box.

Իրանի ԱԳ նախարար. «Տարածաշրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութիւնը կարմիր գիծ է Իրանի համար»

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի X-ի իր հաշիւին տեղադրած գրառումով  կ՚ըսէ, թէ «Տարածաշրջանային խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը մեր ազգային անվտանգութեան հիմքն են։ Հիւսիսէն, հարաւէն, արեւելքէն կամ արեւմուտքէն որեւէ սպառնալիք մեր դրացիներու տարածքային ամբողջականութեան հանդէպ, ինչպէս նաեւ սահմաններու վերագծումը բացարձակապէս անընդունելի է եւ կարմիր գիծ՝ Իրանի համար»: