Search
Close this search box.

Իրանի դեսպան. «Հայաստանի տարածքին որեւէ կապ պէտք է գործէ այդ երկրի ինքնիշխանութեան ներքոյ»

 

«Լուրեր» լրասփիւռին տուած հարցազրոյցին, Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի՝ պատասխանելով հարցումին, թէ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ստեղծման մասին կը շարունակուին պահանջները ոչ միայն Ազերպայճանէն, այլ նաեւ Թուրքիայէն, ի՞նչ կեցուածք ունի Իրանը արտատարածքային միջանցք ենթադրող թեզերու շուրջ, ըսած է, թէ Հայաստան գտնուող արտատարածքային միջանցքի հարցին արծարծումը որեւէ աղերս չունի միջազգային իրաւունքի, երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգային ինքնիշխանութեան հետ, իսկ իւրաքանչիւր երկրի հաղորդակցութեան ուղիները կը գտնուին այդ տարածքին իր ինքնիշխանութիւնը հաստատած պետութեան հովանիին տակ։

«Այն երկիրները, որոնք կը խօսին Հայաստանի հողին վրայ արտատարածքային միջանցքի մասին, պատրա՞ստ են արդեօք իրենց տարածքին մէջ ստեղծել նման արտատարածքային միջանցքներ։ Կը կարծեմ, թէ պատասխանը բացասական է։ Հետեւաբար, այն, ինչ որ իրենք իրենց համար չեն փափաքիր, ուրիշներուն համար ալ պէտք չէ ցանկանան»,– ըսած է դեսպանը՝ աւելցնելով, որ այս կապակցութեամբ Իրանի կեցուածքը չէ փոխուած եւ իրենք դէմ են տարածաշրջանին մէջ սահմաններու եւ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն։

«Սահմաններու փոփոխութիւնը մեզի համար կարմիր գիծ մըն է, որ Իրանի բարձրագոյն իշխանութիւններու մակարդակով յայտարարուած է, եւ ո՛չ ոք կրնայ բացառութիւն կազմել»,– եզրափակած է Սոպհանի։