Search
Close this search box.

Իրանի եւ Ֆրանսայի նախագահները հեռաձայնային զրոյց ունեցած են

 

Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն Հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ եւ շնորհաւորած է զայն, նախագահի պաշտօնին հաստատուելուն կապակցութեամբ։

Փեզեշքեան յայտնած է Իրանի պատրաստակամութիւնը՝ կարգաւորելու յարաբերութիւնները Եւրոպայի հետ փոխադարձ վստահութեան հիման վրայ։ Ան նաեւ շեշտած է որ եթէ Իսրայէլ յարձակի Լիբանանի վրայ, ան մեծ սխալ գործած կ՚ըլլայ եւ այդ արարքը սարսափելի հետեւանքներ կ՚ունենայ։