ParsToday-ի համաձայն՝ Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի անդամ Եաղուպ Ռեզազատէ, «Ջամարան» կայքին տուած հարցազրոյցին, անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազերպայճանի նկատմամբ Իրանի դիրքորոշման ըսած է. “Եթէ Ալիեւ ցանկանայ ռազմական գործողութեան ձեռնարկել, մենք անոր կը հակազդենք տասնապատիկ աւելիով”։
Ռեզազատէ աւելցուցած է. “Եթէ Ազերպայճան ուզէ Իրանի սահմաններուն աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւն կատարել եւ հայկական տարածքէն դէպի Նախիջեւան մուտք ապահովող միջանցք ստեղծել, այդ կը համարուի Հայաստանի ինքնիշխանութեան խախտում եւ աշխարհաքաղաքական սահմաններու փոփոխութիւն”:
Ան ընդգծած է. “Մենք բացարձակապէս պիտի չընդունինք աշխարհաքաղաքական եւ քաղաքական սահմաններու փոփոխութիւն եւ առ այդ կը նախազգուշացնենք Իլհամ Ալիեւը՝ բարեկամ ձեւացող երկիրներու, ինչպէս նաեւ սիոնիստական վարչակազմի վարած քաղաքականութեան համահունչ հարցեր չ՚արծարծել, քանի որ մենք նման բան թոյլ պիտի չտանք: Եթէ Ալիեւ ցանկանայ դիմել ռազմական գործողութեան, մենք ի վիճակի ենք 24 ժամուան ընթացքին տասն անգամ աւելիով հակադարձելու այդ ռազմական գործողութեան։ Հետեւաբար ան պէտք չէ անտեղի սպանէ իր զինուորները”։
Ռեզազատէ յայտնած է. “Ներկայիս Իրանի ռազմական եւ քաղաքական պատուիրակութիւնները կը բանակցին Ազերպայճանի հետ: Սակայն իբրեւ Իրանի հիւսիս-արեւմտեան շրջանի ժողովուրդի ներկայացուցիչներէն մէկը եւ նեւ՝ որպէս Իրանի ժողովուրդի ծառայ, ես խորհուրդ կու տամ Իլհամ Ալիեւին, որ իր թշնամիներուն կամ ընկերներուն փտած պարանին վստահելով՝ ջրհոր չմտնէ: Հակառակ պարագային իրեն անկարելի պիտի ըլլայ անկէ դուրս ելլել”:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։