Ամանորի եւ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօներուն ընդառաջ՝ Դեկտեմբեր 24-ին, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան հանդիպում ունեցած է երկրի քրիստոնեայ համայնքներու՝ հայերու եւ ասորիներու հոգեւոր ու ազգային ներկայացուցիչներուն հետ։
Նախագահը իր խօսքին մէջ, ի միջի այլոց, նշած է. «Եկած եմ ըսելու, որ մենք ձեզի հետ ենք եւ բոլորս կը փափաքինք միասին ապրիլ հասարակութեան մէջ, յանուն խաղաղութեան, բարօրութեան, արդարութեան, ճշմարտութեան եւ սիրոյ»։
Հանդիպումին ներկայ եղած են Իրանի խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ՝ Արա Շահվերդեան եւ Գեղարդ Մանսուրեան, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչը, քահանայ հայրեր, ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, համալսարաններու հայ դասախօսներ:
Նոյն օրը երեկոյեան նախագահ Փեզեշքեան այցելած է Իրան-Իրաք պատերազմին, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական գործողութեան զոհ գացած երկու իրանահայ նահատակ՝ Գագիկ Թումանեանի եւ Անուշաւան Այվազեանի ընտանիքներուն:
Նախագահը իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշած է, թէ Իրանի ժողովուրդը կը գնահատէ նահատակութեան փառքին արժանացած իր զաւակներուն հաւատարմութիւնն ու անձնազոհութիւնը եւ մեծապէս կը յարգէ անոնց ընտանիքները: “Իսկ այս օրերը ուրախութիւն են Իրանի ամբողջ ժողովուրդի եւ աշխարհի համար, յատկապէս մեր հայ եւ այլ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն”,– ըսած է ան, շնորհաւորելով Սուրբ Ծննդեան տօնը:
Իրանի նախկին Արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ջաւատ Զարիֆ, որ ներկայիս նախագահ Փեզեշքեանի՝ ռազմավարական հարցերու խորհրդականն է, Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ աշխարհի քրիստոնեաներուն ուղղած իր պատգամը յղած է Թեհրանի հայկական առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս մայր եկեղեցիէն, խաղաղութիւն մաղթելով ամէնուն։
Տարեվերջեան սոյն ուղերձը հայկական եկեղեցիէն աշխարհին յղելը ուշագրաւ ազդակ է Թեհրանի կողմէ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։