Search
Close this search box.

Իրանցի փորձագէտ. «Ալիեւ կը փորձէ Հայաստանը զրկել տարանցման կարելիութիւններէն»

 

News.am-ի թղթակցին հետ զրոյցին, Հայաստան-Իրան համագործակցութեան հիմնադրամի ղեկավար Փույա Հուսեյնի յայտնած է, թէ Ալիեւ կրկին աշխուժանալով սկսած է խօսիլ, այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մասին, սակայն Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը հակադարձած է այդ պնդումներուն՝ ըսելով, որ Իրան դէմ է միջանցքին եւ կ՚աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան։

«Ալիեւի թիկունքին այլ ուժեր կան, որոնք կ՚օգտագործեն զինք տարածաշրջանը մնայուն կերպով լարուած վիճակի մէջ պահելու եւ թոյլ չտալու, որ իրական խաղաղութիւն հաստատուի։ Խօսքը կը վերաբերի Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ այլ երկիրներու։

Իրանի վրայով Ազերպայճանի եւ Նախիջեւանի կապը Թեհրանին լծակներ կ՚ընձեռէ Անգարայի եւ Պաքուի վրայ, ինչ որ կը բխի թէ՛ Իրանի, թէ՛ Հայաստանի շահերէն։ Սա նոյն այն այլընտրանքն է, որ Թեհրան առաջարկած է Ազերպայճանին”,– նշած է իրանցի փորձագէտը՝ աւելցնելով, թէ Պաքու «Զանգեզուրի միջանցք»-ի գաղափարը առաջադրելով, կը փորձէ թոյլ չտալ որ Հայաստանի վրայով տարանցիկ ճամբաներ բացուին, այլ կ՚ուզէ որ անոնք անցնին Ազերպայճանէն։