Search
Close this search box.

ԻՐԱՆ–ԹՈՒՐՔԻԱ – Ապտոլլահեան․ «Մենք պիտի չընդունինք տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութիւն»

Սեպտեմբեր 3-ին, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ Իրան կ՚ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւնները եւ պիտի չընդունի տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութիւն ու առկայ տարանցիկ երթուղիին փակումը։ “Թէ՛ Իրան, թէ՛ Թուրքիա համակարծիք են, որ հակամարտութիւններու դարաշրջանը աւարտած է եւ այժմ համագործակցութեան ժամանակն է”,– ըսած է իրանցի դիւանագէտը։

Միւս կողմէ, թրքական լրասփիւռներուն համաձայն՝ Ֆիտան նոյն մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ կը սպասուի Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի Թուրքիա այցելութիւնը՝ «Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդ»-ի 8-րդ համաժողովին մասնակցելու համար։

Նշենք, թէ Ֆիտանի առաջին այցելութիւնն էր Իրան՝ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարի հանգամանքով։