Յուլիս 11-ի երեկոյեան Թեհրանի մէջ ձերբակալուած է շարժանկարի հռչակաւոր բեմադիր 62-ամեայ Ճաֆար Փանահի։ Շարք մը հեղինակաւոր փառատօներու մրցանակակիր Փանահի ձերբակալուած է Իրանի դատախազութեան շէնքին մէջ, ուր հրաւիրուած էր իր գործկիցներէն՝ Մոհամատ Ռասուլոֆի դէմ յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ ցուցմունքներ տալու համար։
Ռասուլոֆ եւ իրանցի այլ բեմադիր մը՝ Մոսթաֆա Ալ-Ահմատ, ձերբակալուած էին Յուլիս 9-ին՝ Իրանի իշխանութիւններուն ուղղուած բաց նամակի մը հրապարակումէն ետք։ Նամակին մէջ իրանցի բեմադիրները իշխանութիւններուն կոչ կ՚ընէին ուժ չգործադրելու երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ պարբերաբար ծագող բողոքի գործողութիւններու մասնակիցներուն նկատմամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։