Search
Close this search box.

ԻՐԱՆ – Թեհրանի մէջ սպանուած է ՀԱՄԱՍ-ի քաղաքական թեւի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէ

Ըստ թուրք մամուլին՝ Հանիէի մահուան պատճառ դարձած հրթիռը արձակուած է մէկ այլ երկրէ

Խամենէի հրահանգա՞ծ է յարձակիլ Իսրայէլի վրայ

Թեհրանի մէջ, Յուլիս 31-ին, տեղական ժամով առաւօտեան 2-ին գործուած մահափորձի մը զոհ գացած է պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ արմատական շարժումի քաղաքական թեւի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէ։

Ըստ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի յայտարարութեան՝ հարուածը հասցուած է Հանիէի տան, անոր հետ միասին սպանուած է նաեւ իր թիկնապահներէն մէկը։

Նոյն աղբիւրը աւելցուցած է, որ յարձակման հանգամանքները կը հետաքննուին եւ արդիւնքները կը յայտարարուին աւելի ուշ։

ՀԱՄԱՍ-ի քաղաքական թեւի ղեկավարը Թեհրան կը գտնուէր՝ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի երդման արարողութեան մասնակցելու համար։

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարած է, որ Իսմայիլ Հանիէի սպանութիւնը ա՛լ աւելի կ՚ամրապնդէ «Իրանի, Պաղեստինի եւ դիմադրութեան միջեւ խոր եւ անսասան կապը»։

Հանիէի սպանութենէն յետոյ, ըստ իրանական Mehr գործակալութեան, Իսլամական դիմադրութեան շարժումը, ՀԱՄԱՍ-ը եւ պաղեստինեան տարբեր խմբաւորումներ կոչ ըրած են «ցոյցեր կատարելու եւ համընդհանուր գործադուլներու դիմելու իսրայէլական գրաւման դէմ»։ 

Հոս կ՚արժէ նշել, որ թրքական իշխանամերձ մամուլը խոր վիշտով ու զայրոյթով կ՚արձագանգէ այս դէպքին, այնպէս ինչպէս թուրք բարձրաստիճան եւ սիրուած պաշտօնատար մը ըլլար զոհը։ Արդէն Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ալ յայտարարած է. «Կ՚անիծեմ Իպրահիմ Հանիէ եղբօրս դէմ գործուած լկտի մահափորձը»։

Իսկ նոյն թուրք մամուլին հաղորդած մէկ այլ տեղեկութեան համաձայն,– որ ամէնէն հետաքրքրականն է ըստ մեզի,– Հանիէի իջեւանած բնակարանին վրայ ինկած ու անոր մահուան պատճառ դարձած հրթիռը արձակուած է ՄԷԿ ԱՅԼ ԵՐԿՐԷ…։ Եւ բնականաբար մեր ակնարկները կը դառնան դէպի Ազերպայճան, ուր տեղակայուած են իսրայէլական բազմաթիւ ռազմական խարիսխներ, ըստ որոշ աղբիւրներու՝ նոյնիսկ մինչեւ 3.000 զինուորի հասնող բանակով։ Բայց անշուշտ թուրք մամուլը բնաւ չի խօսիր այս վարկածին մասին։ Գոնէ առայժմ… 

***

Հանիէի սպանութիւնը մեծ ցնցում յառաջացուցած է արդէն գերլարուած տարածաշրջանին մէջ եւ արաբական աշխարհն ու Իրան պատահածին անտարակուսելի պատասխանատուն կը նկատեն Իսրայէլը։ Իրանի կրօնական առաջնորդը՝ Այաթոլլահ Ալի Խամենէի նախ յայտարարած էր, թէ «քանի որ դէպքը պատահեցաւ մեր հողին վրայ՝ մեր ճիտին պարտքն է վրէժը լուծել անոր (Հանիէի) արեան»։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 1-ի առաջին ժամերուն ալ որոշ լրասփիւռներ կը հաղորդէին, թէ Խամենէի հրահանգած է յարձակիլ Իսրայէլի վրայ։