Search
Close this search box.

ԻՐԱՆ. Խամենէի.– «Թեհրան դէմ է Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը փակելու որեւէ քաղաքականութեան»

Յուլիս 19-ին, Իրանի հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլահ Ալի Խամենէի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումին յայտարարած է, թէ Թեհրան դէմ է Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը փակելու որեւէ քաղաքականութեան։

Press TV-ի համաձայն՝ Խամենէի ողջունած է «Լեռնային Ղարաբաղի վերադարձը Ազերպայճանին», սակայն ընդգծած է, որ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը հազարաւոր տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող օղակ մըն է:

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին, Իրանի հոգեւոր առաջնորդը ըսած է, թէ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան պահպանումը շատ կարեւոր է, եւ երկրին հիւսիսը որեւէ ռազմական յարձակում վնաս պիտի հասցնէ Թուրքիոյ,  Սուրիոյ եւ ամբողջ տարածաշրջանին, եւ ձեռնտու պիտի ըլլայ ահաբեկիչներուն: 

Շեշտելով, որ Իրան Թուրքիոյ եւ անոր սահմաններու անվտանգութիւնը իր սեփական անվտանգութիւնը կը նկատէ, Խամենէի դիմելով Էրտողանին նշած է.– “Դուք պէտք է նաեւ Սուրիոյ անվտանգութիւնը ձեր անվտանգութիւնը համարէք։ Սուրիոյ հարցերը պէտք է լուծուին բանակցութեան միջոցով, իսկ Իրան, Թուրքիա, Սուրիա եւ Ռուսաստան պէտք այս հարցը լուծեն երկխօսութեան ճամբով”։