Մայիս 20-ի առտուան ժամերուն, Իրանի պետական հեռատեսիլը պաշտօնապէս յայտարարած է, թէ նախորդ օրը՝ Մայիս 19-ին, Իրանի նախագահ Ռայիսի, Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեան եւ քանի մը պաշտօնատարներ զոհուած են ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով: Ուղղաթիւռը ջախջախուած է եղանակի գէշ պայմաններու պատճառով։
Ուղղաթիռին մէջ կը գտնուէր 9 հոգի, որոնցմէ երկուքը օդաչու, եօթնը՝ ուղեւոր։ Բոլոր ուղեւորները եւ անձնակազմի անդամները զոհուած են։
Իրանի Կարմիր Մահիկին համաձայն՝ ուղղաթիռը ամբողջութեամբ այրած է։
63-ամեայ Ռայիսիի եւ իրեն ուղեկցող պատուիրակութեան մահուան մասին տեղեկութիւնը հաստատած է Իրանի առաջին փոխնախագահ Մոհամմէտ Մոխպեր։ Վերջինս յառաջիկայ 50 օրերուն պիտի վարէ նախագահի պաշտօնը՝ նախքան նախագահական նոր ընտրութիւնը։
Հայաստանի վարչապետը ցաւակցական հեռագիր յղած է Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Սեյետ Ալի Խամենէիին՝ ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով Իրանի նախագահին եւ անոր ուղեկցող անձնակազմին մահուան կապակցութեամբ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։