Անցեալ շաբաթ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան անմենայն պարզութեամբ յայտարարեց, այն ինչ որ բոլորը գիտէին, սակայն չէին յանդգներ բացէ ի բաց ու բարձրաձայն յայտարարել թէ՝ առանց Փութինի կանաչ լոյսին, Ազերպայճան պիտի չհամարձակէր յարձակիլ Արցախի վրայ եւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը չսկսէր։ Աւելի սուր արտայայտութիւն մը եւս ունեցաւ յայտնելով, թէ Ռուսաստան Արցախը յանձնեց Ազերպայճանին։ Իսկ նկատի առնելով Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին նոր Caesar հրետանիի վաճառքին առթիւ Ռուսաստանի եւ Ազերպայճանի թշնամական յայտարարութիւնները, ըստ որոնց իբրեւ թէ Ֆրանսա հայ-ազերական պատերազմ կը հրահրէ, Արմէն Գրիգորեան նշեց որ Ռուսաստան մինչեւ օրս Հայաստանին մատակարարած է միայն 10 տոկոսը այն զինամթերքին որուն փոխարժէքը արդէն վճարուած է (400 միլիոն տոլար)։ Շատ ծանր ամբաստանութիւններ, որոնք շատ խոր կերպով եւ ուղղակի կը մեղադրեն Ռուսաստանը, որ միշտ ինքզինք ցուցադրած է իբրեւ գլխաւոր պաշտպանը Հայաստանի, անոր անվտանգութեան մեծագոյն երաշխաւորը Օսմանեան կայսրութեան շրջանէն։
Շատերու համոզումով՝ Հայաստանի անվտանգութեան մեծագոյն պատուհասները եկած են հայութեան՝ Ռուսաստանէն անհիմն անվտանգային սպասումներէն։ Նշենք միայն երեք կարեւոր դրուագներ՝
– Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին բոլշեւիկեան յեղափոխութեան պատճառով ռուսական բանակի նահանջը Թուրքիոյ պատերազմի ճակատէն.
– Առաջին հանրապետութեան շրջանին, 1920-էն սկսեալ ռուս-թրքական դաշինքի պատճառով անկախ Հայաստանի տարածքի կէսին կորուստը ի շահ Թուրքիոյ.
– Սովետական կարգերու հաստատման շրջանին Արցախի՝ Ազերպայճանի վարչական ենթակայութեան յանձնումը։ Եւ 2020-ի պատերազմին Ռուսաստանի միջոցով Արցախի ամբողջական յանձնումը Ազերպայճանին։
Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի փոխյարաբերութիւններու պարագային՝ ջարդերէն ի վեր երկու կողմերուն համար ալ ստոյգ է թշնամական հանգամանքը։ Սակայն, Ռուսաստանի պարագային՝ երկու կողմերն ալ դարաւոր բարեկամութեան խօսոյթ մը զարգացուցած են, բայց Ռուսաստան միշտ մնալով կայսերական եւ Հայաստան՝ ենթակայի դիրքով փոխյարաբերութեան մէջ, նոյնիսկ Սովետական միութեան ժամանակաշրջանին։ Սակայն, ահա 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին եւ Սեպտեմբեր 2023-ի Արցախի ցեղային զտումին առթիւ, հայ-ռուսական յարաբերութեանց կեղծ բնոյթը ջուրի երես ելաւ։ Ռուսական կողմը սկսաւ ամբաստանել հայաստանեան իշխանութիւնները դէպի Արեւմուտք հակելու մեղադրանքով եւ Հայաստանի իշխանութիւններն ալ վերջապէս քաջութիւնը ունեցան բացէ ի բաց մատնացոյց ընելու ռուսական երկդիմի կեցուածքը։ Բոլոր անոնք որոնք թաւշեայ յեղափոխութեան կը վերագրեն Հայաստանի հանդէպ Ռուսաստանի դիրքորոշումի փոփոխութիւնը չարաչար կը սխալին։ Նոյնիսկ Սերժ Սարգսեան 2016-ի 4-օրեայ պատերազմի աւարտին օդանաւով Հայաստան վերադարձին, լրագրողներու հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ Ռուսաստան իբր դաշնակից այն չէ, ինչ որ Թուրքիան է իբր դաշնակից Ազերպայճանին։ Այդ առթիւ էր որ ան նաեւ յայտարարած էր, թէ Ռուսասատան Հայաստանին 80-ականի զէնքեր մատակարարած է։ Այդ ժամանակաշրջանէն ետք հայ հասարարակական մտայնութեան մէջ հակառուսական դիրքորոշումները ուռճացան։
Ռուսաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը անթաքոյց կերպով բազմիցս արտայայտուած է Հայաստանի գործող իշխանութեան տապալումին ի նպաստ։ Իսկ ներկայիս, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի վերոնշեալ յայտարարութիւններէն ետք, Ռուսաստանի Հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան յայտարարած է, որ Հայաստանի անվտանգութեան գլխաւոր սպառնալիքը Փաշինեանն է ու անոր կառավարութիւնը։
Այս բոլորին դիմաց ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շատ հետեւողական կերպով հետամուտ է Ազերպայճանը ստիպելու որ անպատճառ մինչեւ Կլիմայի COP29-ի համաժողովը, Հայաստանի հետ խաղաղութեան դաշինքը ստորագրէ։ Եւ վերջնականապէս Ռուսաստանի ազդեցութիւնը կտրելու համար Հարաւային Կովկասէն եւ Միջին Ասիայէն, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հետ յարաբերութիւններու պատասխանատու փոխնախարար Օ՚Պրայընի տարածաշրջան կատարած վերջին այցելութեան յստակ դարձաւ որ ԱՄՆ-ու համար էական է հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը Միջին Ասիայէն մինչեւ Թուրքիա ու Միջերկրական, անցնելով Ազերպայճանէն ու Հայաստանէն։
Իսկ Ազերպէյճան որպէսզի դանդաղեցնէ այս գործընթացը, յայտարարեց խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ, որոնք տեղի պիտի ունենան Սեպտեմբերին։ Այնուհետեւ ալ պիտի կայանան ԱՄՆ-ու նախագահական ընտրութիւնները, որոնք կրնան յեղաշրջել ԱՄՆ-ու ներկայ կառավարութեան ծրագրերը։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։