Search
Close this search box.

«Իրաւական բոլոր միջոցներով պիտի պայքարիմ Հայաստան վերադառնալու իրաւունքս վերականգնելու համար»,– կ՚ըսէ Մուրատ Փափազեան

 

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան, Հայաստան իր մուտքի արգիլման որոշումին դէմ վճռած է պայքարիլ իրաւական բոլոր միջոցներով։ Այս մասին ան յայտարարած է.-

«Նիկոլ Փաշինեանի համակարգին կողմէ Հայաստան մուտքի արգելքէս երկու շաբաթ ետք, կը ցաւիմ հաստատելու, որ իշխանութեան այս որոշումը չունի իրաւական ոչ մէկ լուրջ հիմք: Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի մէջ յայտնի պատճառներով «անբաղձալի տարր» նկատուած անձ, «անբաղձալի» նկատուած եմ նաեւ Հայաստանի մէջ, իշխանութիւններուն յառաջ քշած անհիմն պատճառներով: Առաջին բացատրութիւնը մերժած էր տալ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, յայտնելով որ՝ երկիր մուտքիս արգիլումը կ՚առնչուի անձնական կեանքիս: Ապա, վարչապետի գրասենեակը, Յուլիս 22-ին, անդրադառնալով կացութեան ծիծաղելիութեան, յայտարարեց որ՝ ինծի սահմանուած արգելքին պատճառը Փարիզի մէջ 2021 Յունիս 1-ին Նիկոլ Փաշինեանի դէմ կատարուած բողոքի ցոյցին ներկայութիւնս է, եւ տուեալ ցոյցը կազմակերպելս: Բայց նշեալ թուականէն մինչեւ 2022 Յուլիս 13 չորս անգամ անարգել մտած եմ Հայաստան:

Առաւել, Հայաստանի պատկան մարմինները ոչ մէկ բողոք ներկայացուցած են ֆրանսական իշխանութիւններուն՝ 2021 Յունիս 1-ի ցոյցին մասնակցողներուն կամ կազմակերպողներուն նկատմամբ: Իրաւական պետութեան մը հիմնական սկզբունքներէն անմեղութեան կանխավարկածը եւ խօսքի ազատութիւնը բռնաբարելով, Հայաստանի կառավարութիւնը առանց դատական որեւէ հիմնաւորումի որոշեց Հայաստան մուտքս արգիլել 2022 Յուլիս 13-ին: Եւ իրողութիւնը այն է, որ ես ո՛չ մասնակցած եմ այդ ցոյցին, ո՛չ ալ զայն կազմակերպած: Տարբեր տեսակէտ ունենալը միակ սկզբունքն է, որ մղած է Նիկոլ Փաշինեանը նման որոշում կայացնելու, բռնատիրական վարչակարգի մը վայել պահուածքով:

Այս որոշումը կը մերժեմ եւ Հայաստան վերադառնալու իրաւունքս պիտի պահանջեմ: Հայաստանը Նիկոլ Փաշինեանի սեփականութիւնը չէ, ոչ ալ իր վարչակարգին: Հայաստանը իւրաքանչիւր Հայու հայրենիքն է, ուր կրնայ մուտք գործել ամէն Հայ, նոյնիսկ եթէ ընդդիմադիր է իշխանութեան: Եւ այս պատճառով է, որ իրաւական գետնի վրայ որոշած եմ վերականգնել իրաւունքս, որուն համար դատական պաշտպանութիւնս վստահած եմ Ազգային ժողովի երեսփոխան Արծուիկ Մինասեանին՝ ներկայացնելու անձս, եւ փաստաբան Սիրանուշ Սահակեանին, որոնք կը լիազօրեմ կատարելու հարկն ու պատշաճը: Արծուիկ Մինասեան Յուլիս 25-ին արդէն իսկ այս ուղղութեամբ նամակ մը ուղարկած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան՝ պահանջելով վերանայիլ տուեալ որոշումը: Օրինական գետնի վրայ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հինգ օր ժամանակ ունի պատասխանելու նամակին, որուն հիման վրայ մենք պիտի որոշենք թղթածրարին շարունակութեան հոլովոյթը:

Երկու շաբաթէ ի վեր զօրակցական հազարաւոր պատգամներ ստացած եմ Հայաստանէն թէ Սփիւռքէն, քաղաքական տարբեր դիրքորոշումներու տէր անձերէ, որոնք բոլորն ալ ընդվզած են Փաշինեանի հակաժողովրդավար որոշումէն: Նման որոշումի ընդդիմանալը կը բխի Հայաստանի նկատմամբ սէրէն, եւ մերժումն է ժողովրդավարութենէ կառավարութեան շեղումին, ինչպէս նաեւ յիշեցումն է իրաւական պետութեան մը հիմնական սկզբունքներուն, եւ Հայաստան պէտք է վերադառնայ իրաւական պետութեան իր կոչումին:

Հուսկ, իրաւական բոլոր միջոցներով պիտի պայքարիմ Հայաստան վերադառնալու իրաւունքս վերականգնելու համար:

Մուրատ Փափազեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ»