ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Այցելութիւն՝ Տըհոքի Ազգային տարազներու կեդրոնը

Յունիս 7-ին, Տըհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մասիս քհնյ Շահինեան եւ տեղւոյն թաղական խորհուրդի (ԹԽ) ատենապետ Երուանդ Էմինեան, ԹԽ-ի անդամ Վազգէն Սիրոբեանի ուղեկցութեամբ այցելած են Տըհոք քաղաքի Մշակոյթի եւ արուեստի կեդրոնը, ուր ցուցադրուած էին տարածաշրջանի ժողովուրդներու ազգային տարազները։  Շրջայց կատարելէ ետք, անոնք հայկական տարազ մը նուիրած են թանգարանին։