Search
Close this search box.

ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Աւզրուկ գիւղի վարչութեան շէնքին բացման արարողութիւնը

Սեպտեմբեր 6-ին, ձեռամբ Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկոպոս Կիւլկիւլեանի տեղի ունեցած է Աւզրուկ գիւղի վարչութեան շէնքի բացման արարողութիւնը։

Ներկայ եղած են Զախոյի հոգեւոր հովիւ Յակոբոս քահանայ Իսահակեան, կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեան, Էրպիլի, Տհօքի, Զախոյի Հաւրէզքի եւ Աւզրուկի թաղական խորհուրդի ատենապետներն ու անդամները, գիւղապետը եւ բնակիչները։