ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Նշուած է Պաղտատի հայ երիտասարդաց միութեան 96-ամեակը 

Յուլիս 22-ին, շուքով նշուած է Պաղտատի Հայ երիտասարդաց միութեան 96-ամեակը, նոյն միութեան դահլիճին մէջ։

Օրուան առիթով ելոյթ ունեցած է ատենապետ Կարապետ Գալուստեան եւ հակիրճ կերպով անդրադարձած միութեան երկարամեայ գործունէութեան։ 

Հանդիսութեան ներկայ եղած են Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Օշական վրդ․ Կիւլկիւլեան, Հայաստանի դեսպանութեան հաւատարմատար Ալիք Ղարիպեան, Գէորգ քհնյ. Արշակեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները, մեծ թիւով միութենականներ եւ հիւրեր։

Խմբագրական