Նոյեմբեր 15-ին, Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուած է հանդիսապետութեամբ Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեանի եւ ձեռամբ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Արթուն քհնյ Խալաթեանի։
Այս հոգեպարար արարողութեան ներկայ եղած են Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամներէն ոմանք, Տհօքի եւ Զախոյի թաղականութեան ատենապետերը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը։
Պատարագէն ետք, Առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեամբ եւ ընտրական յանձնախումբի հսկողութեամբ, քառամեայ շրջանի գործունէութեան համար տեղի ունեցած է Էրպիլի նոր թաղական խորհուրդի ընտրութիւնը։
Սրբազան հայրը օրհնած է նորընտիր անդամները մաղթելով անոնց ուժ եւ կորով իրենց ծառայութիւնը բերելու Հայ եկեղեցւոյ պայծառացման եւ համայնքի վերելքին։
***
Նոյեմբեր 10-ին, Պաղտատի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան հօր նախագահութեամբ աղօթք բարձրացուած է առ Աստուած՝ Ազերպայճանի կողմէ ապօրինի գերեվարուած մեր հայրենակիցներու շուտափոյթ ազատ արձակման համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։