Search
Close this search box.

ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Պաքուպայի վերանորոգուած «Սրբոց Նահատակաց» եկեղեցւոյ Սուրբ սեղանին օծումը

Դեկտեմբեր 22-ին, ձեռամբ Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեանի, օծուած է Պաքուպայի վերանորոգուած «Սրբոց Նահատակաց» եկեղեցւոյ Սուրբ սեղանը։ Այնուհետեւ Առաջնորդ սրբազանի հանդիսապետութեամբ, Զախոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յակոբոս քհնյ Իսահակեան պատարագ մատուցած է։

Արարողութեան աւարտին Սրբազան հայրը ողջունած է ներկաները եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնած Կեդրոնական վարչութեան՝ վերանորոգման աջակցելուն եւ շինարարներուն` նորոգման աշխատանքները բարեխիղճ կատարելնուն համար։ Առաջնորդ սրբազանը  ի մասնաւորի նշած է, թէ այս հրաշակերտ եկեղեցին որպէս գերեզմանատան հրեշտակ, պիտի կանչէ բոլորը՝ աղօթելու եւ յիշելու իրենց ննջեցեալները։

Հուսկ՝ Առաջնորդ սրբազանը եւ քահանայ հայրերը այցելած են հանգուցեալներու շիրիմները եւ աղօթած անոնց հոգիներու խաղաղութեան եւ փրկութեան համար։

Լուսանկարները՝ Վահիկ Աւետիսեանի և Մասիս Մեսրոպեանի