Search
Close this search box.

ԻՒՆԷՍՔՕ մերժած է Պաքուի պահանջը՝ պնդելով, որ կ՚ուզէ Արցախի մէջ մի՛այն Ստեփանակերտի յուշարձաններու վիճակը գնահատել

 

Ազերպայճանի խորհրդարանի երեսփոխան Նիկար Արփատարայ X-ի իր էջին գրառումով հաղորդած է, թէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն իրենց դիմած է Արցախ այցելելու խնդրանքով։

«Պաքու համաձայնած է Աղդամի (Ակնայ) ճամբով անցնիլ Ստեփանակերտ, սակայն ԻՒՆԷՍՔՕ մերժած է՝ փափաքելով երթալ մի՛այն Ստեփանակերտ՝ այնտեղ գտնուող յուշարձաններու վիճակը գնահատելու համար»,– գրած է ան։

«Սակայն աւելի ուշ յայտնի եղած է, որ ճշմարտութիւնը այլ է։ ԱՓԱ-ի ունեցած տեղեկութիւններու համաձայն՝ ԻՒՆԷՍՔՕ ազերպայճանական կողմին տեղեկացուցած է, որ ազատագրուած տարածքներուն մէջ միայն երկու յուշարձան պիտի ստուգեն, այնուհետեւ անմիջապէս պիտի մեկնին Խանքենտի (Ստեփանակերտ)։ Ասոր դէմ եղած է Ազերպայճան եւ նման պայմաններու տակ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաքելութեան տարածաշրջան այցը անուանած է  ո՛չ-անկեղծ եւ ո՛չ-թափանցիկ։ Այդպէսով, Պաքու չէ ընդունած Միջազգային մշակութային կազմակերպութեան պայմանը»,– նշած է աղբիւրը։

Ազերպայճան, որ 30 տարի խոչընդոտ հանդիսացած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի՝ Արցախ այցելութեան, կը շարունակէ նոյն քաղաքականութիւնը։ Ազերպայճանի իշխանութիւնները ընտրութեան առջեւ դրած են Կազմակերպութիւնը՝ կա՛մ ազերպայճանական կեցուածքի քարոզչութիւն, կա՛մ այցէն հրաժարում։