ԻՒՆԷՍՔՕ-ն յառաջիկայ օրերուն շտապ առաքելութիւն պիտի ղրկէ Երեւան՝ Արցախէն տեղահանուածներուն կրթական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար։ Հոկտեմբեր 2-ին նման խնդրանքով միջազգային կառոյցին դիմած էր Հայաստան։
Առաքելական աշխատանքը պիտի կեդրոնանայ կրթութեան շարունակականութեան ապահովման եւ տեղահանուած ուսանողներու հոգեբանական եւ ընկերային աջակցութեան վրայ:
«Անցեալ օրերուն Լեռնային Ղարաբաղը լքած ու Հայաստան ապաստանած է 100 հազար հոգի։ Անոնց մէկ երրորդը երախաներ ու պատանիներ են»,– նշած են կազմակերպութեան պատասխանատուները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։