Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Հոգեհանգստեան պատարագ՝ ի յիշատակ Սուրմալուի պայթումի զոհերուն

Կիրակի, Օգոստոս 21-ին, Ֆրանսայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գրիգոր Վարդապետ Խաչատրեանի տնօրինութեամբ Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս յընթացս պատարագի պիտի յիշատակուին “Սուրմալու” առեւտրական  կեդրոնի պայթումին զոհերը, ինչպէս նաեւ աղօթք պիտի վերառաքուի՝ վիրաւորեալներու շուտափոյթ ապաքինման համար։