Search
Close this search box.

Լա Հէյի ատեանի վճիռը եւ Պաքուի արձագանգը…

Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան անդրադառնալով Լա Հէյի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռին՝ X ընկերային ցանցի իր էջին հետեւեալը գրած է.

«Արդարադատութեան միջազգային ատեանը պիտի քննարկէ 44-օրեայ պատերազմին եւ անկէ ետք տեղի ունեցած սպանութիւններու, խոշտանգումներու, անմարդկային վերաբերումի, բռնի անհետացումներու եւ կամայական ձերբակալութիւններու առնչութեամբ Հայաստանի դիմումը։

Լա Հէյի ատեանը, որ արդէն երեք տարի է կը քննարկէ Երեւանի ու Պաքուի հակընդդէմ դիմումները, Նոյեմբեր 12-ին հրապարակեց նախնական վճիռները՝ մերժելով Ազերպայճանի ներկայացուցած բոլոր առարկութիւնները։ Անկէ ետք արդէն կը սկսի բուն դատաքննութիւնը»։

Նշենք, թէ Ատեանի վճիռէն յետոյ Պաքու յայտարարած է, թէ պիտի շարունակէ իր ջանքերը՝ պատասխանատւութեան ենթարկելու Հայաստանը՝ «Ազերպայճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներու երկարատեւ բռնագրաւման եւ հակամարտութիւններու ընթացքին մարդկային իրաւանց բազմաթիւ խախտումներու համար»։

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտած է, թէ «իր երկիրը միջազգային իրաւական այլ հարթակներու վրայ պայքար կը տանի նաեւ նիւթական փոխհատուցում ստանալու պահանջով»։