Նոյեմբեր 12-ին, Լա Հէյի Արդարադատութեան միջազգային ատեանը մերժած է Պաքուի ներկայացուցած նախնական երկու առարկութիւնները՝ «Հայաստան ընդդէմ Ազերպայճանի» գործի շրջածիրին մէջ։
Երեք տարի առաջ Սեպտեմբերին, Հայաստան դատի դիմած էր ընդդէմ Ազերպայճանի՝ վերջինիս կողմէ «ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու բացառման մասին» միջազգային համաձայնագրի խախտումներու հիմքով։
Անցեալ տարի Ապրիլին, Ազերպայճան ներկայացուցած էր իր նախնական առարկութիւնները։
Առաջին առարկութեան մերժումի առաջարկը ստացած է 16 թեր, 1 դէմ ձայն, իսկ երկրորդինը՝ 15 թեր եւ 1 դէմ։
Արդարադատութեան միջազգային ատեանը նաեւ յայտարարած է, թէ իրաւասու է քննարկելու Հայաստանի բողոքը ընդդէմ Ազերպայճանի։
Նշենք, թէ Ազերպայճան առարկած էր, ըսելով թէ Ատեանը իրաւասու չէ քննարկելու Հայաստանի որոշ պահանջները։
Բայց սա, Ազերպայճանի նման երկրի մը համար բնա՛ւ հարց չի յարուցեր, քանի որ դատարանները, ատեանները անոր աչքին իմաստ կ՚ունենան միայն երբ անոնք իրեն ի նպաստ վճիռ կը կայացնեն. Հակառակ պարագային՝ ի՛նչ փոյթ, կ՚անտեսէ, կ՚արհամարհէ ու վե՛րջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։